Սեպտեմբեր 04, 2015
Պատմութեան առաջ եւ հանրութեան լուսաբանելու ի խնդիր, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս կ՛ուզէ յստակացնել հետեւեալը՝
2006 թուականի Փետրուարին գումարուած Կուսակցութեանս 24-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի որոշմամբ ՌԱԿ Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանակը վերակառուցուելով կը վերածուէր երկու՝ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի շրջաններու։ Մինչ իր կարգին՝ ԱՄՆ-ը կը վերածուէր երկու՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջանակներու, իսկ Գանատան՝ երեք Շրջանակներու՝ Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Արեւմտեան։
Հետեւաբար, կոչ կ՚ընենք զգուշանալու, հեռու մնալու եւ մանաւանդ անլուրջ նկատելու վերջերս գրաւոր թէ ելեկտրոնիկ մամուլի ինչպէս նաեւ ե-նամակներու միջոցաւ շրջան ընող այսպէս կոչուած ”Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւելեան Ամերիկայի Եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան” Պոսթոնի մէջ գումարուած հակաօրինական Պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւնները։ Կ՛ուզենք անգամ մը եւս շեշտել, թէ վերոյիշեալ՝ ”Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւելեան Ամերիկայի Եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն” անունով կուսակցական շրջանակ 2006 թուականէն սկսեալ օրինապէս գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, անոր անունով եւ զանազան տիտղոսներով հանդէս եկող ինչպէս նաեւ ձեւականօրէն ընտրող եւ ընտրուող անձեր միայն իրենք իրենց անձը կը ներկայացնեն:
Այսու ուղղակի կոչ կ՚ընենք մեր անդամներուն, հայրենի պետական հաստատութիւններուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն, կրօնական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն նկատի ունենալ վերոյիշեալ պարագան:
Մինչ այդ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կրնայ միայն ենթադրել, թէ նման հակաօրինկան ընթացքի մէջ գտնուող կամ յայտարարութիւններով հանդէս եկող անձերը գիտակցաբար կա՛մ անգիտակցաբար ինկած են հակակուսակցական ընթացքի մէջ։ Հետեւաբար մենք կը զգուշացնենք նշեալ անձերը, ՌԱԿ-ի Կանոնագրով հաստատուած օրինական հետեւանքներէն:
Ի դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Իւճին Քարաճեան Մայք Խարապեան
Ատենադպիր Ատենապետ