Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Ֆրանսահայերը Կը Միանան Ներգաղթեալները Ընդունելու Ազնաւուրի Կոչին

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ՝ աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շառլ Ազնաւուրի` Եւրոպա ժամանող ներգաղթեալներուն Ֆրանսայի հեռաւոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ ընդունելու կոչին:

«Արցախփրես»ը կը հաղորդէ՝ վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, թէ «Սուրիան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն դարձաւ բազմաթիւ հայերու ապաստան, այսօր կը տեսնէ, թէ ինչպէս իր ժողովուրդը բռնած է աքսորի ուղին: Չկայ օր մը, որ սուրիացիները չփորձեն ապաստան գտնել եւ վերակագնել իրենց բնականոն կեանքը Եւրոպայի մէջ: Շառլ Ազնաւուր Սեպտեմբեր 1-ին կոչ ըրաւ Ֆրանսային՝ իր ներդրումը բերելու փախստականներուն ապաստան տալու գործին: Փախստականները վտանգի եզրին են, սակայն այդ տղամարդիկ եւ կանայք ունին մեծ ներուժ` իրենց հմտութիւններով ու աշխատուժով: Ֆրանսայի հայ համայնքը հաւատարիմ ըլլալով Սուրիոյ ժողովուրդին հետ համերաշխութեան ոգիին, որոնք իրենց դռները բացին 1915-1916 թուականներուն հայերուն առջեւ, չի կրնար անտարբեր ըլլալ անոնց  նկատմամբ: Այսօրուան ներգաղթեալները կրնան Ֆրանսայի համար դառնալ այցեքարտ եւ անոնց հնարաւորութիւն տալու պարագային յաջողութեամբ ծառայել Ֆրանսային` տարբեր ոլորտներու մէջ: Ատոր համար ալ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կը միանայ Շառլ Ազնաւուրի կոչին, որպէսզի իր ներդրումը բերէ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ գոյութիւնը պահպանելու գործին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Շառլ Ազնաւուր հանդէս եկած է Եւրոպա ժամանող գաղթականներուն օգնելու կոչով: «Ես ծանր տառապանք կ՛ապրիմ, երբ կը տեսնեմ այդ մարդոց բազմութիւնները, որոնք կը թափառին իրենց երախաներուն հետ: Բարեբախտաբար ես անձամբ չեմ ճաշակած նման վիճակի դառնութիւնները, բայց վստահ եմ, որ անոնք բաժին հասած են իմ ներգաղթեալ ծնողներուս: Հարկաւոր է հոգ տանիլ անոնց ապագայի մասին, բարելաւել անոնց վիճակը», ըսած է Ազնաւուր:

Այդ առնչութեամբ ան յիշեցուցած է իր կողմէ արդէն առաջադրուած գաղափարին մասին, որն է գաղթականները բնակեցնել Ֆրանսայի հեռաւոր բնակավայրերու, փոքր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, որոնք գործնականօրէն լքուած են տեղի բնակիչներուն կողմէ:

«Սյսպիսով այդ բնակավայրերը կը համալրուին նոր ուժով: Այդ գաղթականներուն մէջ կան ամենատարբեր մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ` բժիշկներ, մեքենագէտներ, հացթուխներ, եւայլն: Անոնց ջանքերը թոյլ կու տան այդ աւաններու մէջ վերաբանալ դպրոցները, նամակատնային բաժանմունքները», նշած է աշխարհահռչակ շանսոնիէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին