Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Տաւուշի Շրջանի Այգեպար Գիւղի Պաշտպանող Պատը Կառուցուած է

Հայ օգնության ֆոնտը յայտարարեց  Պաշտպանող պատ ծրագիրի աւարտի մասին, որուն շնորհիւ Տաւուշի սահմանամերձ Այգեպար գիւղի դպրոցականները ուսումնական տարին սկսան ապահով։ 6 ամիս աշխոյժ դրամահաւաքի եւ հանգանակութիւններու շնորհիւ Պաշտպանող պատը կառուցուած է։ Այգեպարը ունի 648 բնակիչ եւ դպրոցին մէջ կ’ուսանին 54 աշակերտներ: Գիւղը շատ մօտ է Ազրպէյճանի սահմանին, որոշ տուներ սահմանէն ընդամէնը 100 մեդր հեռու են, իսկ մանկապարտէզի ու դպրոցի շէնքերը մօտ 700 մեդր: Զինադադարի դրութեան խախտման ժամանակ՝ ազրպէյճանցիներու կրակոցները հիմնականօրէն կ’ուղղուին քաղաքացիական շինութիւններուն ու դպրոցին վրայ: 3 մեդր բարձրութեամբ եւ 70 մեդր երկարութեամբ պատը կը պաշտպանէ դպրոցը փամփուշտներէն, եւ աշակերտները հնարաւորութիւն կ’ունենան անվտանգ պայմաններու մէջ ուսանելու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին