Տաւուշի մարզին մէջ անցեալ օր երեկոյեան հակառակորդի կրակոցներէն վիրաւորուած հայ զինուորին վիճակը կը մնայ ծանր՝ բայց կայուն: Կան նաեւ երկու վիրաւոր քաղաքացիներ, որոնք կը գտնուին ոչ վտանգաւոր վիճակի մէջ: Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2ին լարուած իրավիճակ տիրած էր Տաւուշի մարզին մէջ: Ազրպէյճանական կողմէն կրակ բացուած էր սահմանամերձ մօտ 20 գիւղերու ուղղութեամբ: