Յայտնի գործարար Վահագն Յովնանեանի մահուան կապակցութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին որոշմամբ ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ: Յանձնաժողովի նիստին որոշուած Վահագն Յովնանեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ՝ Սեպտեմբեր 3-ին, ժամը 17:00-ին Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ:
Քաղաքացիական հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Քամերային երաժշտութեան տան մէջ, այսօր՝ Սեպտեմբեր 4-ին, Երեւանի ժամով 11:00-13:00ին:
Վահագն Յովնանեանը յայտնի էր Հայաստանի մէջ իրականացուցած բարեգործական ծրագիրներով: Յանգուցեալը իր կնոջ` Յասմիկ Յովնանեանի հետ, Նիւ Միլֆորտ քաղաքին մէջ հիմնած է հայկական դպրոց, նպաստած ԱՄՆ-ի հիւսիս-արեւելքի հայ համայնքին կրթական, կրօնական եւ մշակութային զարգացման:
1998-ին Վահագն Յովնանեանը Երեւանի մէջ կառուցած է Վահագնի թաղամասը, 2000-ին Հայաստանի մէջ հիմնած է Սայեաթ-Նովայի անուան, իսկ 2002-ին Վահագն մրցանակաբաշխութիւնները: