Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Հալէպի Մէջ Կը Շարունակուի Ջուրի Եւ Ելեկտրականութեան Տագնապը

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը հոսանքազրկուած է, կը շարունակուի նաեւ ջուրի տագնապը: Այս մասին «Արմէնփրես»­ին հետ զրոյցին նշեց Հալէպի իր աղբիւրը:

«Մարդիկ կ’օգտուին ջրհորներէն կամ շիշերով կը գնեն: Բացի այդ քաղաքին մէջ կը շարունակուի վառելանիւթի տագնապը»,­ նշեց աղբիւրը:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակին՝ ան նշեց, որ Սեպտեմբեր 2-­ին եւ 3-­ին հայաշատ թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ է:

«Բերիոյ Լուրեր» ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ Սեպտեմբեր 1-­ի երեկոյեան զինեալ խմբաւորումները հրասանդ  արձակած են Հալէպի քրիստոնէաբնակ Սուլէյմանիէ-Վիլլաներ թաղամասերու մերձակայքը: Բարեբախտաբար պայթումը տեղի  ունեցած է օդին մէջ եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Նիւթական վնասներ  կրած են շրջաններու շէնքներն ու մեքենաները:

Հալէպ 2012-ի ամառուընէ ի վեր յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին