Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Հայոց Լեզուի Դասագիրք Լոյս Տեսած Է

Ազրպէյճանի մէջ «հայութեան դէմ օգտագործելու նպատակով» հայոց լեզուի դասագիրք մը լոյս տեսած է:

Moderator.az լրատուական կայքի փոխանցմամբ` հայոց լեզուի դասագիրքը Ազրպէյճանի նախագահին կից Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի պատուէրով պատրաստած է՝ Եւրասիական անվտանգութեան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը, կը գրէ «Արցախփրես»ը:

Ազրպէյճանի նախագահին կից Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի աջակցութեամբ հրատարակուած եւ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար նախատեսուած, հայոց լեզուի ուսումնական ձեռնարկը բաղկացած է չորս մասերէ` հնչիւնաբանութիւն, ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն եւ բառակազմութիւն:

Կայքը կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի մէջ հայոց լեզուի դասագիրքի լոյս ընծայումը՝ հայագէտներու, որոնք պէտք է զբաղին հակահայկական քարոզչութեամբ, պատրաստման նպատակ կը հետապնդէ:

Ուսումնական ձեռնարկի հեղինակը քաղաքագիտութեան դոկտոր Հաթամ Ջաբբարլըն է, խմբագիրներն են՝ Իսրաֆիլ Մամետովը, Սարլան Հասանովը, Սոհպաթ Մամետովը եւ Թահիրա Ջաբբարլըն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին