Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Շուշիի Մէջ Երկու Մեծ Կրթահամալիր Բացուած է

Արցախի անկախութեան տօնական հանդիսութիւններու ծիրէն ներս՝ նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան մեկնած են Շուշի:

Բերդաքաղաքին մէջ անոնք ներկայ գտնուած են Հայաստանի գիւղատնտեսական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղի նորակառոյց համալիրի բացման: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Մասնաճիւղը հիմնադրուած է ՀՀ եւ ԼՂՀ կառավարութիւններու որոշումներով 2008թ. Օգոստոսին` Արցախի պետական համալսարանի գիւղատնտեսական բաժանմունքի եւ Ստեփանակերտի պետական գիւղատնտեսական քոլէճի հիման վրայ: Անիկա սկսած է գործել 2009 թ. Փետրուարին` Ստեփանակերտի մէջ: Հիմնադրման պահուն մասնաճիւղը ունեցած է 860 սան` երկու (պաքալորիոս եւ միջին մասնագիտական) կրթական համակարգերու մէջ, եւ այնտեղ դասաւանդած է 80 դասախօս: Պատասխանատուներու հաւաստիացումով այժմ մասնաճիւղը ունի շուրջ 1500 սան, եւ այնտեղ կը դասաւանդէ աւելի քան 100 դասախօս: Անցեալ 6 տարիներու ընթացքին մասնաճիւղը տուած է 1690 շրջանաւարտ` 573 պաքալորիոս, 138 մագիստրոս եւ 980 միջին մասնագիտական որակաւորումով մասնագէտներ:

Շուշիի մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները այնուհետեւ այցելած են, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ ԼՂՀ կառավարութեան համաֆինանսաւորումով քաղաքին մէջ կառուցուած` Եզնիկ Մոզեանի անուան արհեստագործական ուսումնարան: 225 ուսանողի համար կառուցուած եռայարկ ուսումնական կեդրոնը, որուն տարածքը շուրջ 4050քմ է, ունի հանրակրթական առարկաներու եւ արհեստներու ուսուցման համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները, ներառեալ կահաւորուած դասասենեակներ, սարքերով ու պարագաներով յագեցած տարրալուծարաններ եւ արհեստանոցներ:

2

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին