«24/04» համաշխարհային նուագախումբը Ապրիլ 24-ին ղեկավարած իտալացի խմբավար, լիբանանեան «Ալ Պուստան» միջազգային երաժշտական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Ճանլուքա Մարչիանոն ընդգրկուած է՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, այսպէս կոչուած «սեւ ցուցակ»ին մէջ: Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի
հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի փոխանցմամբ, այդ մասին յայտնած է նշուած նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարը:
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մէջբերելով խմբավար Մարչիանոյին խօսքերը այն մասին, որ ինք մտավախութիւն չունի յայտնուելէ Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ կը նշեն, որ «սահմանի մասին» օրէնքին համաձայն` ԼՂՀ այցելած անձիք կը պատժուին, անհրաժեշտութեան պարագային կ’ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան:
Յիշեցնենք, որ Ճանլուքա Մարչիանոն Ստեփանակերտի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Վերտիի «Ռեքվիեմ»ի արցախեան անդրանիկ ներկայացման: Մշակութային այս իրադարձութեան զայն հրաւիրած է ՀՀ նախագահի տիկին Ռիթա Սարգսեան:
Քանի մը օր առաջ խմբավար Ճանլուքա Մարչիանոն, պատասխանելով հայ լրագրողներու հարցումին, թէ Արցախ այցելելով մտավախութիւն չունի՞, որ կը յայտնուի Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ, խմբավարը պատասխանած էր. «Սեպտեմբեր 1ին կայանալիք նախագիծը մշակոյթի միջոցով կը խօսի խաղաղութեան մասին, եւ շատ ուրախ եմ մաս կազմելու այդ ձեռնարկին: Ինծի չեն կրնար ետ կանգնեցնել ինչ-որ քաղաքական հարցեր: Ասիկա այնպիսի մշակութային ծրագիր է, որ կոչ կ՛ընէ բանալ սահմանները, ապրիլ խաղաղութեամբ, եւ ոչ մէկ արուեստագէտ, կը կարծեմ, նման նախաձեռնութենէ ետ կը կանգնի»:
Ի պատասխան ազրպէյճանական ջղաձգութեան` Ճանլուքա Մարչիանոն ֆէյսպուքի մէջ կը տեղադրէ արցախեան իր ուղեւորութեան նկարները: