Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի նորագոյն «Յիշէ՛» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 10-ին՝ Վենետիկի միջազգային կինոփառատօնի ծիրէն ներս: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Armenien Weekly-ն, ֆիլմը ընդգրկուած է Վենետիկի 72-րդ կինոփառատօնի հիմնական մրցոյթին մէջ: Կինոփառատօնի մեկնարկը տրուած է Սեպտեմբեր 2-ին, եզրափակիչ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 12-ին:
Մինչ ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը, ամերիկեան Hollywood Reporter պաբերականի հետ զրոյցի ընթացքին Էկոյեան պատմած է, որ ֆիլմը Հոլոքոսթը վերապրածի մը մասին է, որ կը մարմնաւորէ Քրիստոֆըր Փլամըրը: Անոր միջոցով բեմադրիչը մարդկութեան հետ կը խօսի ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներու մասին:
Էկոյեան ըսած է, որ ֆիլմը այդ ոճին մէջ առաջինը չէ, եւ ցեղասպանութիւններու մասին իր առաջին ֆիլմը` «Արարատ»ը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք Փլամըրի կերպարին մէջ ընդհանրութիւններ կա՞ն «Արարատ» եւ «Յիշէ՛» ֆիլմերուն մէջ, Էկոյեան ըսած է, որ անոնք երկու տարբեր կերպարներ են: «Սակայն հետաքրքրականը այն է, որ այս տարի հայ ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը եւ ես մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին ֆիլմ մը ներկայացուցած եմ, որ ազգի պատմութեան, անցեալի, մարդոց յիշողութիւններու մասին է: Յիշողութիւնը միշտ կայ եւ մենք կը հասկնանք, թէ ան ինչպիսի ազդեցութիւն կը ձգէ սերունդներուն վրայ», ըսած է բեմադրիչը: