Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Երբ Քաղաքացին Ոչ Միայն Պիտի Շնչէ Գարշելի Հոտը Այլ Նաեւ Վճարէ Անտեղի Տուգանքը

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Կ՛ապրինք զարմանալի հակասութիւններով լեցուն երկրի մը մէջ, ուր շատ մը անբացատրելի երեւոյթներ վեր են ամէն  տեսակի ուսումնասիրութեանց կարողութենէ՝ հետեւաբար բացատրութենէ:

Մինչ լիբանանեան պետութիւնը այնքան մը անկարող ու թափթփած է, նաեւ անբարոյ՝ երկրին աղբերու հաւաքման լուծում մը գտած ըլլալու մինչեւ օրս, անոր մէկ պաշտօնակատարը, օրինակի համար, ամենայն բծախնդրութեամբ կը տուգանէ ճարահատ քաղաքացին, որ կուտակուած աղբերուն պատճառով անկարող եղած է հասնիլ կանգառի հաշուիչ մեքենային (parking meter) (տես վերի նկարը)…։

Աղբերու տագնապի այս խայտառակութիւնը,  հատեց այլեւս քաղաքացիին համբերութիւնը, պոռթկացուց անոր՝ ընդդէմ բոլոր-բոլոր պատասխանատուներուն:

Ի զուր չէ օրերէ ի վեր փողոցն ու կեդրոնական Պէյրութի հրապարակները իրենց տունը դարձուցած աքթիւիսթներուն երէկուան յաւելեալ պոռթկումը, իրենց ընդվզումը աստիճան մը եւս բարձրացնելով՝ գրաւելու Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող Կենսոլորտի  նախարարութեան շէնքը, ու նախարարին անմիջական հրաժարականը պահանջելը:

Նախարարը, որ ի վերջոյ կարողացաւ լքել շէնքը՝ դուրս բերուելով կողմնակի դռնէ մը, արդեօ՞ք իր կարգին պիտի ըլլայ զոհը այս կուտակուած խայտառակութեան ու յաջորդող օրերուն հրաժարի՝ դառնալով այս հարցին քաւութեան նոխազը, որ կրնայ հանդարտեցնել երիտասարդութեան ապրած դառնութիւնը ու մասամբ գոհացնել անոնց արդար պահանջը: Հապա եթէ չհրաժարի ի՞նչ պիտի ըլլայ փողոցին վիճակը: Իսկ եթէ հրաժարի աղբերու տագնապը պիտի լուծուի՞: Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի նախարարաց խորհուրդին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան՝ եթէ հակա-8 Մարտ ճակատը կորսնցնէ թիւ մը: Այս մէկն ալ դաւադրութեան տեսութի՞ւն (conspiracy theory) է արդեօք, թէ զուգահեռ հետապնդուած քաղաքական նպատակ մը…: Գալիք օրերը կրնան փաստել իրողութիւնը:

Մեզի կը մնայ տակաւին շնչել աղբերու ապականութեան հոտը, իսկ վերի ինքնաշարժին տէր քաղաքացիին՝ մեզի հետ հոտը շնչելուն կողքին նաեւ վճարելու իր ինքնաշարժին համար սահմանուած տուգանքը…:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին