Սեպտեմբեր 18-ին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի սիմֆոնիք նուագախումբը (գեղ. ղեկավար` Պերիկ Պատիրխան, գլխաւոր խմբավար` Եռնար Նուրտազին) իր համերգաշրջանը պիտի սկսի ՀՀ Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով, որ պիտի կայանայ մայրաքաղաքի «Քոնկրէս-հոլլ» սրահին մէջ:
Համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Ա. Խաչատրեանի, Ալ. Սպենդիարեանի, Ա. Յարութիւնեանի, Ա. Բաբաջանեանի, Տ. Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները:
Մենակատարներ` Բարսեղ Թումանեան, Սերիկ Տոկպանով, Դաստան Մամիրխանով:
Համերգը կը կազմակերպուի Ղազախստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ: