FoxNews պարբերականը հրապարակած է ցանկ մը, ուր կը խօսուի պատերազմի տառապանքէն անցած, սակայն ներկայիս զբօսաշրջային դրախտավայրի վերածուած երկիրներու մասին` կը գրէ panorama.am-ը:
Առանձնացուած 9 երկիրներու շարքին մէջ է նաեւ Հայաստանը:
«Հայաստանի համար բնականոն կեանքի ընթացքի խաթարումները խորթ չեն: Մայրաքաղաք Երեւանը 1512-1735-ի ընթացքին տասնեակ անգամներ փոփոխութիւններ կրած է, սակայն հայերու յիշողութեան մէջ ամենամեծ հետքը ձգած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, որ տեղի ունեցած է 1915-18-ի ընթացքին: Այսօր Հայաստան դարձած է սիրուած նպատակակէտ ոչ մեծ պիւտճէով եւրոպացի ճանապարհորդներու համար: Անցեալ տարուան ընթացքին արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու թիւը Հայաստանի մէջ հասաւ 1,2 միլիոնի, որ մօտ 11,3 տոկոսով կը գերազանցէր նախորդ տարուան ցուցանիշը: Լեռնային ու ամուր բնավայրը արշաւներու եւ բացօթեայ ձեռնարկներու համար հրաշալի նախապայման կը ստեղծէ: Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն աշխարհի մէջ առաջինը ընդունած Հայաստանը, կրնայ հպարտանալ անհամար վանական համալիրներով ու եկեղեցիներով, որոնք բոլորն ալ անվճար են այցելելութեան համար: Բացի այդ հասարակական փոխադրամիջոցները վստահելի ու ապահով են, հերթեր ու խճողումներ շատ չկան, եւ ամէն ինչ համեմատաբար արժան է: 5 աստղանի հիւրանոցի մէջ նախատեսեցէք վճարել մօտ 130 տոլար մէկ գիշերուան համար», կը նշուի Հայաստանի մասին Foxnews-ի յօդուածին մէջ:
Հայաստանի հետ զբօսաշրջային դրախտավայրերու ցանկին վրայ յայտնուած են նաեւ Գոլոմպիան, Հարաւային Ափրիկեան Հանրապետութիւնը, Նիքարակուան, Հիւսիսային Իրլանտան, Ռուանտան, Քրովաթիան, Մեանմարը (Պիրմա) եւ Ճամայքան: