Այս շաբաթ Թուրքիոյ շարժանկարի սրահներուն մէջ սկսաւ 9 նոր ֆիլմերու ցուցադրութիւն, որոնցմէ 2-ը թրքական արտադրութիւն են, միւսները արտասահմանեան: Թրքական Sondakika.com լրատուական կայքին համաձայն` մեծ պաստառ բարձարացող նոր ֆիլմերու մէջ է նաեւ «Կորուսեալ թռչուններ»ը` 1915ի մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած առաջին գեղարուեստական ֆիլմը, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Ֆիլմի բեմագիրի հեղինակն ու բեմադրիչներն են հայ Արէն Փերտեճին եւ թուրք Էլա Ալեամաչը: Գլխաւոր դերերով նկարահանուած են թուրք Տիլա Ուլուճան եւ Ահմետ Ուզը, ինչպէս նաեւ հայ Արտօ Արսէնեանն ու Հերոս Յակոբեանը:
Ֆիլմի իրադարձութիւնները կը պատահին Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, մէկ գիշերուան մէջ իրենց ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած քրոջ ու եղբօր` Մարիամի ու Պետոյի իրենց հարազատներուն որոնումներուն շուրջ: