Հովանաւորութեամբ Ն.Ս. Եփրեմ Բ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքի, Չորեքշաբթի 26 Օգոստոս 2015-ին, Դամասկոսի Ազգային օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Մոռցուած Ցեղասպանութիւն» Վաւերագրական Ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Վաւերական տեսանիւթը նուիրուած էր ասորի ժողովուրդի ցեղասպանութեան, եւ կը ներկայացնէր վաւերագրական նիւթեր՝ հարիւր տարիներ առաջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին:
Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Յանձնախումբի անդամներ, ազգայիններ եւ դամասկահայեր՝ Ն.Ս. Եփրեմ Բ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքին հրաւէրով ներկայ գտնուեցան, «Մոռցուած Ցեղասպանութիւն» Վաւերագրական Ֆիլմի ցուցադրութեանը: