Մինչ ուսումնական տարուան մեկնարկը բարձր յառաջադիմութիւն ունեցող եւ միջազգային մրցոյթներուն բարձր տեղեր գրաւած Հայաստանի դպրոցականները նախագահական նստավայր ներկայացան` հանդիպելու նախագահին եւ անկէ ստանալու պարգեւներ ու շնորհաւորանքներ: Անոնց հետ հանդիպման ժամանակ նախագահը շեշտեց, որ տարատեսակ հանդիպումներու ընթացքին մեծ գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կը խօսի՝ հայ դպրոցականներու յաջողութիւններու եւ յատկապէս վերջերս միջազգային մրցոյներուն տարած յաղթանակներուն մասին: Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի ուսանող Աշոտ Աթայեան նախագահական նստավայր այցելած էր զինուորական համազգեստով:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Աշոտ պատմեց, որ քննութիւններէն յետոյ զօրակոչուած է բանակ եւ այժմ կը ծառայէ Արարատի զօրամասին մէջ: «Հպարտ եմ, որ զինուորական համազգեստով ստացայ մետալ եւ երջանիկ եմ, որ իմ գիտելիքներս պիտի օգտագործեմ ի շահ մեր բանակին», ըսաւ ան:
«Մեղու. հայերէնը բոլորի համար» մրցոյթի յաղթող Լեւոն Սահակեան նախագահին առաջարկեց, որ յաջորդ տարուընէ հանրապետութեան մէջ համահայկական հայոց լեզուի մրցոյթներ կազմակերպուին: Նախագահին գնահատմամբ առաջարկութիւնը հետաքրքրական էր եւ չի բացառուիր, որ Համահայկական խաղերու ծրագիրէն ներս իրականանայ նաեւ հայոց լեզուի մրցոյթ:
Դանիոյ մէջ Կենսաբանութեան միջազգային մրցոյթէն արծաթէ մետալով վերադարձած Սիրանոյշ Բաբախանովան, նախագահական նստավայրին մէջ երկրորդ անգամ կը գտնուէր՝ նախորդ տարի նոյն մորցոյթէն պրոնզէ մետալով վերադառնալով ու կրկին նախագահէն պարգեւի արժանացած ըլլալով:
«Բարի աւանդոյթ է երկրի նախագահի կողմից նման ընդունելութիւնն ու պարգեւների բաշխումը, բարոյական խրախուսանքը մեր լաւագոյն աշակերտներին: Նման երեխաներն են մեր երկրի ապագան, նրանք են մեր լաւագոյն պարծանքը: Երեխաներ, որոնց համար կարելի է վստահաբար ասել, որ գիտելիքով են բացում իրենց կեանքի ճանապարհը: Նրանք գիտեն, որ իրենց մտաւորական կարողութիւններով կարող են ճանապարհ հարթել», ձեռնարկի աւարտին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան` աւելցնելով, որ աշակերտները այս տարի շատ լաւ արդիւնքներ արձանագրած են:
Միջազգային մորցոյթներուն հայ աշակերտները նուաճած են 20 մետալներ, որ մրցանիշ է Հայաստանի համար՝ այն պարագային, երբ չեն մասնակցած Պաքուի մէջ կայացած քիմիայի մրցոյթին: Այս տարի աճած է շրջանաւարտ ոսկէ մետալակիրներու թիւը, որոնք 73 են՝ նախորդ տարուան 47ի դիմաց: