ԱՄՆ Հարաւային Քոնեքթիքթի պետական համալսարանին մէջ, Սեպտեմբեր 10-էն Հոկտեմբեր 18 պիտի բացուի՝ Տիլտիլեան եղբայրներու ընտանեկան արխիւէն ընտրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Լուսանկարները կը պատկանին 1872-1923 թուականներուն: Ընտանիքին երրորդ սերունդի ներկայացուցիչ Արմէն Ցոլակ Մարսուպեանի հաւաքած լուսանկարներու հաւաքածոյին մէջ կան 900 լուսանկարներ:
The Armenian Mirror Spectator շաբաթաթերթի փոխանցմամբ` լուսանկարներու ցուցադրութիւնը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան, կը գրէ Արցախփրէս-ը:
19-րդ դարու Անատոլիոյ հասարակական կեանքը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան շարք մը դրուագներ պատկերող լուսանկարներու հաւաքածոն, այժմ կը պատկանի Հարաւային Քոնեքթիքթի պետական համալսարանի փրոֆեսոր Արմէն Մարսուպեանին եւ Ցոլակ Տիտիլեանին: Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեանները լուսանկարիչներ եղած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ աշխատած Մերզիֆոնի Անատոլիա քոլեճը:
Անգլիալեզու շաբաթաթերթի հաղորդմամբ` ցուցահանդէսի բացման արարողութեան Հարաւային Քոնեքթիքթի պետական համալսարանի տնօրէն Մերի Փափազեան, համալսարանի նախագահի մետալով պիտի պարգեւատրէ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն Ռուբէն Միրզախանեանը` Հայաստանի մէջ կրթութեան որակը բարձրացնելու համար:
Լուսանկարներու ցուցահանդէսը ցուցադրուած է Սթամպուլի, Մերզիֆոնի եւ Տիարպերքիրի մէջ: Կը նախատեսուի ցուցադրութիւն կազմակերպել նաեւ Լոնտոնի, Անգարայի, Երեւանի եւ Ուոթըրթաունի մէջ: