Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Աթէշեան Խօսած Է Վանի Պատարագը Չեղեալ Յայտարարելու Դրդապատճառներուն Մասին

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան խօսած է՝ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարելու դրդապատճառներուն մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber լրատուամիջոցը։

Աթէշեան նշած է, որ պատարագի չեղեալ յայտարարման պատճառը եղած է առաջին հերթին  անվտանգութիւնը։

Պոլսոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը ընդգծած է, որ պատարագի յետաձգումը պայմանաւորուած է վերջերս Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող՝ թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակով:

«Տեղի ունեցող իրադարձութիւններու պատճառով  մեր համայնքի անդամներուն մօտ վախ կայ եւ անոնք կը խուսափին այդ շրջանները երթալէ: Մենք ալ պատարագի եւ արարողութեան մասնակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու պատճառով, որոշոցինք Սեպտեմբեր 6-ին նախատեսուած պատարագը չեղեալ յայտարարել: Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պատարագը  ընդհանրապէս տեղի պիտի չունենայ: Երկրին մէջ իրավիճակը կայունանալէն յետոյ պատարագը պիտի իրականանայ», ըսած է Աթէշեան:

Անդրադառնալով վերոնշեալ բախումներուն Աթէշեան նշած է, որ հակամարտող կողմերը հանդիպելով իրար հետ, պէտք է փոխհամաձայնութեամբ լուծեն այս հարցը:
«Կառավարութիւնը պէտք է այս խնդիրը անպայման խաղաղութեամբ լուծէ: Կրակի  դադրեցումը երկրի շահերէն կը բխի: Եթէ այսպէս շարունակուի, ապա այս իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ ապրող որեւէ ցեղային խումբի մեծ վնաս կը հասցնէ», եզրափակած է Աթէշեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին