Այսօր, Լիբանանի մէջ կայանալիք հանդիսութեան մը ընթացքին, սուրբ պիտի հռչակուի Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած սուրիացի կաթոլիկ եպիսկոպոս Ֆլաւիանօ Մելքին։ Այս մասին կը գրէ իտալական «Մասաճերօ» թերթը։
Ֆրանսիս պապը այս ամսուան սկիզբը վաւերացուցած էր այս կապակցութեամբ Սուրբերու դատի ժողովին որոշումը: Մելքի ծնած էր Քալեթ Մարա (այժմու Թուրքիա) 1858-ին ու սպաննուած էր օսմանցի զինուորներու կողմէ Ճեզիրէի մէջ, 29 Օգոստոս 1915-ին, երբ մերժած էր իսլամ դառնալ:
Շաբաթ, Օգոստոս 29-ին կայանալիք հանդիսաւոր պատարագին պիտի մասնակցին Լիբանանի, Սուրիոյ ու Իրաքի արեւելեան եկեղեցիներէն բազմաթիւ պատրիարքներ:
Մելքի կը հանդիսանայ երկրորդ եպիսկոպոսը, որ այս պատիւին կ՛արժանանա՛յ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանէն ետք: