Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելած էր Սիսի կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ` 1293-ին Հայոց կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:
Ապա նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը: 100 տարի ետք Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին:
Այս մասին տեսանիւթը արդէն հրապարակուած է ու զայն կարելի է դիտել` այցելելով