Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց՝ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանն ու դեսպանատան ռազմական կցորդը, վերջինիս Հայաստանի մէջ հաւատարմագրման կապակցութեամբ: Օհանեան նշեց, որ պաշտպանական բնագաւառի մէջ հայ իտալական յարաբերութիւնները նոր փուլ թեւակոխած են, Լիբանանի մէջ ՄԱԿի առաքելութեան իտալական զօրակազմին մէջ հայ խաղաղապահներու տեղակայումէն եւ համագործակցութեան ամէնամեայ ծրագրային ձեւաչափ իրականացնելէ ետք: Օհանեան տեղեկացուց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստ է աւելցնելու՝ Լիբանանի մէջ տեղակայուած հայ խաղաղապահ ստորաբաժանման անձնակազմի քանակը: Հաշուի առնելով հայ եւ իտալացի խաղաղապահներուն միջեւ համատեղ ծառայութեան արդէն իսկ առկայ փորձը, դեսպանը նշեց, որ իտալական կողմը բարձր կը գնահատէ համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը եւ պատրաստ է անոր ալ աւելի ընդլայնման: