Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Մոսկուայի Գիրքի Ցուցահանդէսի Այս Տարուան Յատուկ Հիւրերէն Մէկը Հայաստանն Է

Հայաստան Սերպիոյ եւ Իրանի հետ Սեպտեմբեր 2- 6 Մոսկուայի մէջ կայացող՝ գիրքի միջազգային ցուցահանէս-վաճառքի յատուկ հիւրն է, armradio.am-ի փոխանցմամբ  կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը:

Հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ներկայացուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գիրքեր: Մասնաւորաբար Պոկտան Կեմպարսկիի «Նամակներ աշխարհին», ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները», ռումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» գիրքերը, նաեւ եղեռնազոհ արեւմտահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները ներկայացնող «Երկիրը կը խօսի» ժողովածոն:

Սերպական տաղաւարին մէջ կը ներկայացուի յատուկ այս ցուցահանդէսին համար հրատարակուած «Բռնէ ինկող աստղը» ժողովածուն, ուր տեղ  գտած են ժամանակակից սերպ արձակագիրներու ստեղծագործութիւնները: Մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան հանդիպելու ժամանակակից յայտնի սերպ հեղինակներու հետ, որոնց ստեղծագործութիւնները լոյս կը տեսնեն տարբեր լեզուներով եւ հազարաւոր տպաքանակներով, մասնաւորաբար բանաստեղծ, արձակագիր եւ հեքիաթ  ըսող Վլատիսլաւ Պոյացի եւ գրող ու հրատակարիչ Կայկօ Պոժովիչի հետ:

Իրանական տաղաւարին մէջ իրանեան յայտնի համալսարաններու մասնագէտները կը պատմեն իրանական բանաստեղծութեան առանձնայատկութիւններուն մասին, կը համեմատեն ռուս եւ իրանական գիրքերը, կը ներկայացնեն ժամանակակից պարսկական գրականութեան առանցքային ուղղութիւնները, պարսկական ձեռագործի վարպետութեան դասեր կ’իրականացնեն:

Մոսկուայի գիրքի տօնավաճառին այս տարի կը մասնակցին 400-է աւելի հրատարակիչներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին