Նուրան Ագգայայի «Էրմէնիլէր» անուն գիրքը, որ Պոլսոյ ու Թուրքիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող հայերու լուսանկարչական դիմանկարները ափոփած է, թուրք մամուլին մէջ կը շարունակէ նիւթ դառնալ: 1915-ի հարիւրամեակին ձօնուած այս գիրքին լուսանկարները քաշուած են ուղղակի Նուրան Ագգայայի կողմէ, եւ մենք («Նոր Մարմարա»-ն) արդէն այս գիրքին մասին խօսած ենք, երբ հրատարակուեցաւ, բայց հիմա պարբերաբար արձագանգ կը գտնէ թուրք մամուլին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»-ն։
Այս ծիրին մէջ «Ճումհուրիյէթ» թերթին մէջ Էվրիմ Ալթուղ գնահատանքի ջերմ տողերով անդրադարձած էր գիրքին ու խորագիրին մէջ իսկ դիտել տուած, որ «Հարիւր տարիներու յիշատակը կը միանայ դէմքերուն վրայ»: Ան կը նշէ, որ այս գիրքը Կեսարիոյ, Պոլսոյ, Կարսի, Վանի, Անտիոքի ու այլ վայրերու մէջ ապրած եւ իրենց հետքերը ձգած հայեր՝ փաստանկարի մը վրայ իրարու հետ կը ժամադրէ: Էջին մէջ պատուոյ տեղ տրուեր է Նուրան Ագգայայի կողմէ դիմանկարուած Նիք Մերտինեանի, որ չորցուած տերեւներու վրայ նկարներ քանդակելու վարպետ մըն է: Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ անունները այն բոլոր հայերուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ անուն ունին որպէս զանազան ասպարէզներու մէջ փայլած հայեր: