Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Երէկ, 27 օգոստոսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հերթական հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու գաղութը յուզող հարցեր:

Հանդիպումը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող մտահոգիչ զարգացումներուն, յատկապէս` քաղաքացիական բողոքի ելոյթներուն: Շեշտուեցաւ լիբանանցիին ընկերատնտեսական եւ կենցաղային դժուար պայմանները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին մասնակիցները ընդգծեցին ժողովրդային արդար պահանջներու հետապնդումը իրենց բնականոն հունին մէջ պահելու կարեւորութիւնը` առանց քաղաքականացման եւ արկածախնդրական քայլերու դիմելու:

Երկրի քաղաքական կացութեան անդրադառնալով, կուսակցութիւնները անհրաժեշտ գտան պետականկառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:

Հանդիպումը նաեւ անդրադարձաւ գաղութի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք միասնական ջանքերով դիմագրաւելու միջոցներուն:

Աւարտին, մասնակիցները որոշեցին հերթական դրութեամբ շարունակել իրենց հանդիպումները:

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին