Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Հայերու Գարունը»՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած France 3-ի Պատրաստած Վաւերագրական Ժապաւէնը

Ֆրանսական France 3 հեռուստաընկերութիւնը 55 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէն պատրաստած է հայերու եւ հայոց պատմութեան մասին` զայն վերնագրելով «Հայերու գարունը»:

Ըստ Nouvelles d’Armenie-ի` վաւերագրական ժապաւէնի մուտքի հատուածին մէջ կը նշուի, որ մէկ միլիոնէն աւելի հայերու կեանք խլած եւ հարիւր հազարներ բռնագաղթի ենթարկած Հայոց Ցեղասպանութենէն արդէն անցած է հարիւր տարի: «Տարիներու ընթացքին իրենց Հայրենիքէն հայերը արմատախիլ ընելը յանգեցուց տարատեսակ հայկական «Սփիւռք»-ի ձեւաւորման: Թուրքիան պաշտօնապէս կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` այն աստիճանի հասնելով, որ նոյնիսկ կը փորձէ արհեստականօրէն «մաքրել» հայերու ներկայութեան հետքերը այդ տարածաշրջանին մէջ», կը պատմուի ժապաւէնին մէջ:

Այնուհետեւ կը ներկայացուի ֆրանսահայ Վարուժան Արթին, որ ժամանակին երդում տուած էր երբեք Թուրքիա ոտք չդնել, սակայն յետագային որոշեց իրեն համար բացայայտել իր նախնիներուն հողը: «Անոր համար ցնցող յայտնագործութիւն էին այն մեծաթիւ ծպտեալ հայերը, որոնք կրցած են վերապրիլ 20րդ դարու առաջին մեծ Ցեղասպանութիւնը եւ երբեք չեն լքած Թուրքիան», կը նշուի ժապաւէնին մէջ:

«Հայերու գարունը» ժապաւէնը պիտի հեռարձակուի Օգոստոս 31-ին Փարիզի ժամանակով 23:25-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին