22-ամեայ Ֆապիոլա ալ Իպրահիմը, որ այս տարի ճանչցուած է «Միսս Արաբ ԱՄՆ 2015» գեղեցկութեան մրցոյթի յաղթող՝ պատմած է, թէ ինչպէս պատանեկութեան տարիներուն ընկերութիւն ըրած է սուրիահայերու հետ եւ ինչպէս դրացիներու օգնութեամբ սորված է հայերէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով Armenianlifeը, գեղեցկուհին, որուն մանկութիւնը անցած է ԱՄՆ-ի մէջ, իսկ յետագայ ողջ կեանքը Սուրիոյ մէջ, խոստովանած է, որ իրենց թաղամասին մէջ ամէնէն շատ կը սիրէր ծանօթանալ հայերու հետ:
Անոնց օգնութեամբ գեղեցկուհին սորված է հայերէն, նոյնիսկ պատրաստած հայկական թխուածքներ: Ֆապիոլան պատմած է, որ դպրոցական տարիներուն հայ աղջիկներու հետ միասին մասնակցած է նուագախումբի մը եւ այնտեղ ալ առաջին անգամ լսած է հայկական երաժշտութիւն ու հայկական երգեր: Գեղեցկութեան մրցոյթին մասնակցելուն զուգահեռ՝ Ֆապիոլան բժշկութիւն ուսանած է Վիրճինիոյ համալսարանին մէջ:
Հիւանդանոց աշխատելու առընթեր գեղեցկուհին մտադիր է կեդրոն բանալ, ուր երախաներ հնարաւորութիւն կ՛ունենան սորվելու արուեստ, երաժշտութիւն, բարոյագիտութիւն եւ բանաւոր խօսք: