Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանան ԼՂՀի Հռչակման 24 Ամեակին Նուիրուած Տօնական Հանդիսութիւններ

Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի նախագահութեամբ, Օգոստոս 24-ին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս նախաձեռնութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են՝ տօնական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուած հարցեր։

Սեպտեմբեր 1-2ին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ: Հանրապետութեան բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ նոր ուսումնական տարուան առաջին դասը պիտի տրուի խաղաղութեան նիւթով՝ դասընթացքին կազմակերպման ներգրաւելով պետական պաշտօնեաներ, Արցախեան պատերազմի մասնակիցներ եւ պաշտպանութեան բանակի սպայական կազմի ներկայացուցիչներ: Ստեփանակերտի մէջ պիտի ներկայացուի Ճիուզեբէ Վերտիի «Ռեքվիեմ» ստեղծագործութիւնը:

Սեպտեմբեր 2-ին մայրաքաղաքի եւ շրջաններու փողոցներով պիտի տողանցեն զինուորական զօրասիւներ: Պիտի կազմակերպուին այցելութիւններ յուշահամալիր, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում, նաեւ այցելութիւն զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ։

Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարան»ի՝ Ստեփանակերտի մասնաճիւղի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը: Տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ համերգով եւ հրավառութեամբ:

Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տուած է յանձնարարականներ՝ ձեռնարկները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու վերաբերեալ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին