Գանատայի մէջ Սեպտեմբերին իրականացուելիք Վան քաղաքին նուիրուած երեք շրջայցերուն ժամանակ՝ պիտի ցուցադրուի Մեթիւ Քարանեանի «Հայաստանի պատմութիւնը 100 տարի անց» գիրքը:
Armenianweekly-ի փոխանցումով` գիրքի ցուցադրութիւնը պիտի իրականանայ Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Գանատայի յանձնախումբի հովանիին տակ:
Գիրքը իր տեսակին մէջ առաջին ճամբորդական ժողովածուն է, որ կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանը: Անիկա կը ներառէ 123 լուսանկար եւ քարտէզներ:
Գիրքին շնորհանդէսը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 11-ին Թէքէեան մշակութային կեդրոնին մէջ: Յաջորդ օրը Հայաստանի դեսպատան մէջ պիտի կայանայ ձեռնարկ, ուր ելոյթ պիտի ունենան թէ՛ գիրքի հեղինակը, թէ՛ դեսպան Արմէն Եկանեանը: