Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

«Ազգային Երգ ու Պար» Դասանիւթը Այս Ուսումնական Տարին Եւս Պիտի Դասաւանդուի 50 Դպրոցի Մէջ

Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան 50 դպրոցի մէջ, այս ուսումնական տարին եւս պիտի դասաւանդուի «Ազգային երգ ու պար» դասը: Այս մասին ըստ Armenpress.am-ի, լրագրողներու հետ կայացած զրոյցին յայտնած է  Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան:

«Այս ծրագիրը 2014­-15 ուսումնական տարում մուտք գործեց դպրոց: Այն իրականացուեց 10 դպրոցներում: Յաջողութիւն արձանագրուեց եւ առաջատար ծրագիրը կեանքի կոչուեց: Այս ուսումնական տարում մայրաքաղաքի եւս 50 դպրոցներում կը դասաւանդուի «Ազգային երգ ու պար», նշած է Գայիանէ Սողոմոնեան:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետին խօսքով, այս օրերուն Երեւանի թիւ 20 դպրոցին մէջ կը վերապատրաստուին նշեալ նիւթը դասաւանդող ուսուցիչները: «Մինչեւ Սեպտեմբերի 1­ը կ’աւարտուեն վերապատրաստումները, եւ նրանք գիտելիքներով զինուած կը մտնեն դպրոց` դասաւանդելու», աւելցուցած է Գայիանէ Սողոմոնեան:

ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, Յուլիս 2-­ին հրաման ստորագրած է 2015-­2016 ուսումնական տարուանէ՝ «Ազգային երգ ու պար» դասանիւթը Հայաստանի Հանրապետութեան եւս 100 հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ներդնելու վերաբերեալ: «Ազգային երգ ու պար» դասանիւթը հանրապետութեան 13 դպրոցներու մէջ ներդրուած է 2014-­2015 ուսումնական տարուան սկիզբը: Առարկային ուսուցումը նախատեսուած է միջին դպրոցի մէջ, դասաւանդումը կը սկսի հինգերորդ դասարանէն եւ կ՚աւարտի եօթներորդ դասարանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին