Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու հանդէպ խտրականութիւնը կը շարունակուի եւ այդ երեւոյթը կանխելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած միջոցները դեռ բաւարար չեն: Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի, թրքական «Today’s Zaman» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է թուրք վերլուծաբան Կիւնալ Քուրշուն:
Վերջինիս խօսքով Թուրքիոյ մէջ դեռ կան գերիշխող ազգեր. թուրքերը` քիւրտերու դէմ, մահմետականները` ոչ մահմետականներու դէմ, սիւննիները` ալեւիներու դէմ: Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն երկիրը կառավարող երիտթուրքերու կուսակցութիւնը, ազգային բոլոր փոքրամասնութիւնները սպառնալիք կը համարէր պետութեան գոյութեան դէմ: «Այդպիսի մտածելակերպի արդիւնքը եղաւ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ նաեւ ազդեցութիւն ունեցաւ նոր հանրապետութեան վրայ` սպառնալիքի հսկայական զգացողութեամբ», գրած է Քուրշուն:
Անոր կարծիքով թուրքերը ինքնավստահութեան հետ կապուած մեծ խնդիրներ ունին եւ կը կարծեն, որ քիւրտերը պիտի հարուածեն իրենց մէջքէն: «Փաստացի մենք ոչ ոքի կը վստահինք: Դպրոցներու մէջ կը սորվեցնեն, որ «թուրքերը ընկերներ չունին` բացի թուրքերէն»: Չեմ կարծեր, որ աշխարհի վրայ որեւէ այլ տեղ գոյութիւն ունի նման հոգեբանութիւն», նշած է յօդուածի հեղինակը:
Այդ հոգեբանութիւնն ալ ըստ վերլուծաբանին, յանգեցուցած է քիւրտերու հանդէպ ատելութեան, որ իր հերթին քիւրտերու կողմէ նոյնպիսի ատելութիւն ծնած է: «Ինքնութեան արտայայտման արգելքը, խոշտանգումներն ու պետական ծառայողներու կողմէ դաժան վերաբերմունքն ալ ծնած են ահաբեկչական կազմակերպութիւնը: Բազմաթիւ դիտորդներ կը կիսեն այն տեսակէտը, որ քրտական շարժման ներկայ ձեռքբերումները, ինչպիսիք են քրտերէնի արգելքը, մշակութային խորհրդանիշերը` քրտական երաժշտութիւնը եւ քրտերէնով հեռատեսիլի ալիքները, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) յաջողութիւններն են: Հնարաւոր է, որ ատիկա ճիշդ է, հնարաւոր է` ոչ, բայց շարքային քիւրտերը այսօր կը սատարեն ՔԱԿ-ին, քանի որ կը կարծեն, թէ կառավարութիւնը իրենց ոչինչ տուած է, իսկ կազմակերպութեան ստեղծումէն յետոյ, երբ անոր գործողութիւնները տեսանելի դարձած են, իրենք աւելի շատ իրաւունքներ ստացած են», գրած է հեղինակը: