Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Սորպոնի Հայ Դասախօսը Փորձած է Կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ Շոգեկառքի Ահաբեկիչը

Սորպոնի համալսարանի հայ դասախօս Մարք Մուկալեան առաջիններէն էր, որ փորձած է Օգոստոս 21-­ին կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսէլ շոգեկառքի ահաբեկիչը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով The Telegraph պարբերականը։

Անցեալ Ուրբաթ տեղի ունեցած միջադէպին ժամանակ՝ հրաձիգով զինուած մարոքցի Այուպ Էլ­ Ղազանիին առաջինը փորձած էր կանգնեցնել 51­-ամեայ Մարք Մուկալեան: Ան փորձած էր վնասազերծել ահաբերկիչը, անոր ձեռքէն խլելով հրազէնը: Գիտնականին քրոջ փոխանցմամբ` յարձակելով զինուած ահաբեկիչին վրայ, Մարք Մուկալեան ստացած էր թափանցող հրազէնային վնասուածք նեարդային հանգոյցի վրայ, որ կրնայ խանգարել ձախ ձեռքի ամբողջական աշխատանքը: Մուկալեանը տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ մինչ այժմ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ։ Այնուհետեւ երեք ԱՄՆ քաղաքացիներ, որոնց մէջ երկու զինուորականներ եւ մէկ բրիտանացի գործարար, յաջողած են վնասազերծել ահաբեկիչը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին