Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի Նոր Զմիւռնիա թաղամասին մէջ, Օգոստոս 29-ին պիտի մեկնարկէ երկրին ամենակարեւոր եւ սիրելի մշակութային փառատօններէն մէկը` «Իոնիգեսի յիշատակում 2015»-ը:
Վկայակոչելով Յունաստանի հայ համայնքէն փոխանցուած տեղեկութիւնները՝ Artsakhpress.am կը նշէ, թէ մշակութային փառատօնը պիտի բացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելով, իսկ առաջին օրը նուիրուած պիտի ըլլայ բացառապէս հայկական մշակոյթին:
Հայկական մշակոյթը Յունաստանի մէջ յունահայ պատանիներու հետ միասին, պիտի ներկայացնեն նաեւ Արցախէն մեկնած 25 պատանիներ: