Օգոստոս 21-ին մեկնարկած է ՀՀ Երկրապահ Կամաւորականներու Միութեան (ԵԿՄ) ամէնամեայ ուխտագնացութիւնը դէպի Արցախ: Այս մասին ըստ Artsakhpress.am-ի, տեղեկացուցած է Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան:
Ուխտագնացութիւնը, որ նուիրուած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման եւ Գիտելիքի օրերուն, մեկնարկած է Քաշաթաղի շրջանային կեդրոն Բերձորէն:
Նախօրէին Բերձորի Արցախեան գոյամարտի նահատակներուն նուիրուած յուշահամալիրին մէջ, կայացած է խաչքար-կոթողի կանգնեցման եւ օծման արարողութիւն: Խաչքարը, որ Ջուղայի մէջ ազերի-թուրք բարբարոսներու կողմէ ոչնչացուած հազարաւոր խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակն է, օծած է Քաշաթաղի հոգեւոր հովիւ Հայր Աթանաս վարդապետը:
Արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ ԵԿՄ վարչութեան, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի մարզային խորհուրդներու, Երեւանի վարչական շրջաններու բաժանմունքներու, Քաշաթաղի ԵԿՄ եւ շրջանային վարչակազմի ներկայացուցիչներ:
Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեան ողջունելով ուխտագնացները՝ կարեւոր համարած է ԵԿՄ-ի դերը հայ ժողովուրդի համար աւելցնելով, որ հերթական ուխտագնացութեան իբրեւ արդիւնք իրականացուող ծրագիրերէն է՝ շրջանի առաջին դասարան յաճախող աշակերտներուն դպրոցական պայուսակներու եւ գրենական պիտոյքներու տրամադրումը:
ՀՀ ԵԿՄ վարչութեան ներկայացուցիչ Օհան Գէորգեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ այս տարուան ուխտագնացութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ անիկա նուիրուած է նաեւ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած զոհերու յիշատակին: Այդ առիթով Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ ընդհանուր առմամբ տեղադրուած է 10 խաչքար, որոնց օծումը պիտի կատարուի ուխտագնացութեան ծիրէն ներս։ Ընդ որուն բոլոր վայրերու մէջ տեղադրուած են Ջուղայի խաչքարերու կրկնօրինակները: Խաչքարերու տեղադրումը նախաձեռնած է ԵԿՄ նախագահ, Արցախի հերոս զօր․ Մանուէլ Գրիգորեան:
Ձեռնարկէն յետոյ շրջանային վարչակազմի աշխատակազմի կրթութեան բաժինին փոխանցուած են, Քաշաթաղի դպրոցներու այս ուսումնական տարուան առաջին դասարանցիներուն համար նախատեսուած՝ աւելի քան 200 դպրոցական պայուսակներ, որոնց մէջ բացի գրենական պիտոյքներէն, ԵԿՄ նախագահ Մ. Գրիգորեանի շնորհաւորական ուղերձն ու բարեմաղթանքներն էին` ուղղուած արցախցի դպրոցականներուն: Այնուհետեւ ԵԿՄ ներկայացուցիչները այցելած են ու ծաղիկներ խոնարհած բերձորի «Երկրապահի պուրակ»-ին մէջ, ինչպէս նաեւ զոհուած ազատամարտիկ Վահան Զատիկեանին նուիրուած պուրակին մէջ տեղադրուած խաչքարերուն:
ՀՀ ԵԿՄ Երեւանի Աւանի տարածքային բաժանմունքի նախագահ Պետրոս Ամիրեան տեղեկացուցած է, որ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս պիտի այցելեն նաեւ Կովսական եւ Որոտան քաղաքներ ու այլ համայնքներ: