Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Հակառակորդը Տուած է Առնուազն 4 Զոհ եւ 15-է Աւելի Վիրաւորներ

Հանգստեան օրերուն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրետանային (60, 82 եւ 120 մմ-ոց ականանետեր) եւ հրաձիգային զինատեսակներէ շարունակած է խախտել հրադադարը:

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով, ատրպէյճանական կողմին աշխուժութիւնը ճնշելու նպատակով՝ ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են պատասխան գործողութիւններու: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, տեղի ունեցած փոխհրաձգութիւններուն իբր արդիւնք՝ հակառակորդը տուած է առնուազն 4 զոհ եւ 15-է աւելի վիրաւորներ:

ՊԲ դիրքապահ անձնակազմը կը շարունակէ աչալրջօրէն վերահսկել ամբողջ առաջնագիծը եւ վստահօրէն իրականացնել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին