Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Պոսթընի Մէջ Հայ Խոհարարը Անուանած են «Խոհանոցի Արքայ»

Պոսթընի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն, որ եթէ տան մէջ խրախճանք կազմակերպեն եւ ուզեն հիւրերը զարմացնել տնային համեղ ուտեստներով, ապա պէտք է դիմեն ամերիկահայ Նաթան Կիպարեանին: Զինք անուանած են «խոհանոցի արքայ» եւ կը զարմանան, թէ ինչպէս ան կրնայ ամենապարզ մթերքէն իւրայատուկ ճաշատեսակներ պատրաստել: Այս մասին կը յայտնէ «Armenianweekly»-ն։

23-ամեայ Նաթանի մանկութիւնը անցած է խոհանոցի մէջ, ան հետեւած է, թէ ինչպէս իր մայրիկն ու տատիկը ուտեստներ կը պատրաստեն, նաեւ աւանդական թխուածքներ: Այժմ արդէն Նաթանին կը հետեւի ամբողջ քաղաքը․ տեղական հեռատեսիլով ան յաճախ ուտեստներ պատրաստելու վերաբերեալ խորհուրդներ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ` ինչպէս պատրաստել մաքարոն կամ խմորեղէն: «Մեր ընտանիքին մէջ սովորոյթ էր երեկոյեան միասին ընթրել եւ համտեսել տատիկիս ու մայրիկիս պատրաստած ուտեստները: Ընտանիքիս համար բնական էր սնանիլ տունը պատրաստուած ուտեստներով, որ այդքան ալ տարածուած չէ ԱՄՆ-ի մէջ: Այդ է պատճառը, որ կը պատրաստեմ այնպիսի ուտեստներ, որոնք տունը պատրաստուածէն չտարբերին», ըսած է Նաթանը աւելցնելով, որ նախասիրութեան զուգահեռ նաեւ յաճախած է դասընթացներու եւ այսօր քաղաքի ամենաերիտասարդ շէֆ-խոհարարներէն մէկն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին