Լոս Անճելոսի մարզի կառավարիչներու խորհուրդը, կառավարիչ Մայքլ Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 18-ին պատուոգրեր յանձնած է CAHNA /Crimes Against Humanity Never Again/ կազմակերպութեան նախագահ Յարութ Սասունեանին եւ Լոս Անճելոսի մէջ անցեալ Ապրիլ Մայիսին 55-օրեայ հացադուլի միջոցով, մարդոց ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վրայ սեւեռած Աղասի Վարդանեանին: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Իր խօսքին մէջ Մայքլ Անթոնովիչ գնահատած է CAHNA կազմակերպութեան եւ Աղասի Վարդանեանի ըրած գործը` աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ երբեւէ տեղի ունեցած այլ ցեղասպանութիւններու իրազեկման վերաբերեալ:
«Այդ ոճիրին ժխտման հետեւանքով այսօր ալ դեռ կը շարունակուին՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ճիշդ պահն է ի ցոյց դնելու աշխարհին այն փաստերը, որոնք շատերը կ՛անտեսեն», ըսած է Մայքլ Անթոնովիչ:
«Ապրիլ 24-ով մեր պայքարը չէ աւարտած. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման պահանջատիրութեան ոգին պիտի շարունակուի նաեւ յաջորդ տարիներուն: Մեր Դատը չէ աւարտած, եւ մենք մեր պայքարը պիտի զօրացնենք` մեր իրաւունքները եւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու համար», ըսած է Յարութ Սասունեան: