Երեւան, Երեւան, իմ միակ օթեւան,
Ես կ՛անցնեմ կը գնամ, դու ապրիր յաւիտեան:
Խօսք՝ Արամայիս Սահակեանի
Երաժշտ.՝ Արմէն Մանդակունեանի
*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի հայութիւնը Արմէն Մանդակունեանի պատուաբեր անունին ու բազմամեայ հարուստ վաստակին վայել ձեռնարկով մը, պիտի նշեն եւ մեծարեն հայ ժողովուրդի թանկագին զաւակներէն, մեր ժողովուրդի երգարուեստի անկրկնելի մեծութիւններէն Արմէն Մանդակունեանի բազմաբեղուն եւ բազմերես ծառայութեանց 60-ամեակը:
Հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Նազովրեցի եկեղեցւոյ “Paz Naz” ընդարձակ սրահին մէջ, 3700 E. Sierra Madre Boulevard, Pasadena, CA 91107:
Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ, այս եզակի ձեռնարկը պիտի պատուէ թեմիս արուեստասէր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովհան Արք. Տէրտէրեան: Նմանապէս այդ օր ներկայ պիտի ըլլայ ՀՀ Լոս Անճելոսի գլխաւոր հիւպատոսը, գնահատանքի նամակներ ղրկած են հայրենի պետութեան Սփիւռքի ու Մշակոյթի ազնուափայլ նախարարուհիներ Դոկտ. Հրանոյշ Յակոբեանը եւ Յասմիկ Պօղոսեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երգահաններու միութիւնն ու Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդր. պատկառելի վարչութիւնը:
Մեծարանքի այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Սփիւռքի եւ Հայրենիքի բարեսիրական մեծագոյն միութեան՝ Հ. Բ. Ը. Միութեան Փասատինայի մէջ գործող «Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ:
Գնահատանքի յատուկ խօսք մը ունինք ազգապահպան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարներուն, որոնք միշտ ալ թիկունք, գնահատող եւ քաջալերող եղած են մշակոյթի մեր գործիչներուն, քաջ գիտնալով, որ առանց հայ մշակոյթէն եւ հայ եկեղեցիէն մեզի հասած հոգեւոր սնունդին, տարբեր պիտի ըլլար մեր ժողովուրդին կեանքն ու ճակատագիրը:
Այդ օր ելոյթ պիտի ունենան գաղութիս փառք ու պարծանքը հանդիսացող երգիչներու հոյլ մը, որոնք պիտի երգեն Մանդակունեանի յօրինած եւ իր բառերով գրուած երգեր: Ինչպէս նաեւ գաղութիս Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեաններու «Զուարթնոց» պարախումբը՝ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ գեղարուեստական յայտագիրին:
Արմէն Մանդակունեան փոքր տարիքէն կը նուիրուի հայ երաժշտութեան եւ իր ամբողջ կեանքը կը նուիրէ հայ ժողովուրդի երգարուեստին: Ան բազմաթիւ երգեր յօրինած է ու հեղինակն է այդ երգերու բառերուն: Ղեկավարած է ժողգործիքներու նուագախումբեր, հիմնած է երգչախումբեր: Հայաստանէն ներս ու մանաւանդ Հայաստանէն դուրս բազմաթիւ շրջապտոյտներու շնորհիւ՝ հայ ժողովուրդը եւ անոր երգն ու երաժշտութիւնը աշխարհի ժողովուրդներուն ծանօթացնելով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ սերունդ աճեցաւ Արմէն Մանդակունեանի հայրենասիրական ու ռոմանթիք երգերու ոգեշնչող ազդեցութեան տակ: Ո՞վ չի յիշեր Մերանկուլեանի անուան Պետական անսամպլի նուագախումբի ղեկավար Արմէն Մանդակունեանի հոգեխռով, սրտաշարժ եւ սրտառուչ երգերն ու նուագները, այդ երգերու զուլալ ու ջինջ, հոգեգրաւ ու հայրենատրոփ խօսքերը:
Այս բոլորը կատարուած են անյողդողդ կամքով: Մանդակունեանի հայրենասիրական, սիրոյ, կարօտի, վիշտի եւ ուրախութեան երգերը երիտասարդներու կողմէ կ՛երգուէին մեծագոյն ոգեւորութեամբ: Մանուկներու, չափահասներու եւ ամէն տարիքի յատուկ երգեր յօրինած ու գրած է մեր սիրելի յոբելեարը՝ «Երեւան, Երեւան», «Ղարաբաղ», «Յոյսի նաւակ», «Հայեացքդ երկնային», «Ով այգեպան», «Հայրենիք» եւ բազմաթիւ այլ երգեր, որոնք ապրեցան ու կը շարունակեն ապրիլ մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ եւ շրթներուն վրայ:
Այս բոլոր յաջողութիւններէն եւ հայրենասիրական երգերու գտած ժողովրդականութենէն ետք, 1974-ին Արմէն Մանդակունեան Լոս Անճելոս տեղափոխուեցաւ ու այստեղ եւս մեծ նուիրումով եւ սիրով իր գործը շարունակեց՝ ծառայելով հայ երգին ու երաժշտութեան, յօրինելով 40-է աւելի երգեր, միաժամանակ գրելով այդ երգերուն բառերը:
Աւելին՝ Արմէն Մանդակունեան Լոս Անճելոսի մէջ գրեց սիմֆոնիաներ, հիմնեց երգի դպրոցներ, նուագախումբեր, կազմակերպեց կամ մասնակցեցաւ յոբելինական հանդիսութիւններու, հրատարակեց երգի ալպոմներ, ձայնապնակներ, նօթագրուած երգարաններ եւայլն:
Այդ տարիներուն Փասատինայի մէջ հիմը դրուեցաւ Թ.Մ.Մ.ի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին, որու հիմնադիրներէն ազգային երկարամեայ բեղուն գործիչ Փայլակ Ահարոնեանի միջոցաւ, Արմէն Մանդակունեան քանի մը ձեռնարկներ կազմակերպեց Թէքէեանի Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին հետ, որոնք մեծ յաջողութեամբ պսակուեցան: Այդ տարիներուն էր, որ մենք բախտն ու պատիւը ունեցանք մօտէն ծանօթանալու եւ ճանչնալու՝ իր կենդանութեան իսկ իր անմահութիւնը կերտած մեր թանկագին մեծարեալին:
Մենք այդ տարիներուն էր, որ ճանչցանք յարգելի յոբելեարը, այս հսկային մէջ տեսնելով համեստութեան, արհեստավարժութեան, կազմակերպչական կարողութիւններով նկարագրի գիծերը, երգարուեստի ովկիանոսներու մէջ լողացող կէտ ձուկ մը, այս բոլորէն վեր եւ աւելի՝ աննման հայրենապաշտ ու ազգասէր հայ մը:
Արդարեւ որքան տարիները թաւալին, այնքան պիտի պայծառանայ լուսաւոր դէմքը Արմէն Մանդակունեանի՝ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ եւ աւելի պիտի գնահատուի ու արժեւորուի մեր յոբելեարին վաստակը:
Սեպտեմբեր 19-ի մեծարանքի այս ձեռնարկին, վստահ ենք, որ յորդահոս բազմութիւն մը ներկայ պիտի ըլլայ եւ յոտընկայս ծափահարէ մեր յարգարժան մեծարեալին, շնորհակալութիւն յայտնելով եւ անոր կուրծքը զարդարելով՝ ժողովուրդի սիրտէն բխած սիրոյ ու գնահատանքի մեծագոյն շքանշանով:
Վարձքդ կատար եւ նորանոր ամեակներ սիրելի վարպետ: