Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

«Ազրպէյճանի Հակաքայլերը Իւրօրինակ Քարոզչութիւն Են Լղհ Զբօսաշրջութեան Համար». Լղհ Փոխնախարար Ս․ Շահվերդեան

Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան, Tert.am-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին  յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը մնայուն աճի մէջ է. 2015-ի առաջին վեց ամիսներուն՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով արձանագրուած է 20 տոկոսի աճ:

«Մենք անցած վեց ամսուայ ընթացքում արձանագրել ենք զբօսաշրջիկների 120 տոկոս աճ, նախորդ 7 տարիների համեմատութեամբ, իսկ այս տարի գրանցուել է 20 տոկոս աճ», ըսած է ան:

Սերգէյ Շահվերդեան ընդգծած է, որ երբ կը խօսին Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջիկներու թիւի աճին մասին, բացառապէս նկատի ունին օտար զբօսաշրջիկները, որոնք Ղարաբաղ մտնելու համար մուտքի արտօնագիր ստացած են։

«Այսինքն Հայաստանի քաղաքացիները, Սփիւռքի մեր հայրենակիցները, ովքեր ունեն հայկական անձնագրեր, այդ թուաքանակից դուրս են: Ղարաբաղը իւրայատուկ եւ իւրօրինակ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկիր է, այնպէս որ միայն հայերը չեն, որոնց համար գրաւիչ է», ըսած է ան:
Փոխնախարարը նաեւ նշած է, որ Արցախ այցելած Հայաստանի քաղաքացիներու թիւը եւս մեծապէս բարձրացած է:

«Մենք շարունակում ենք մեր մշակուած քաղաքականութիւնը՝ զբօսաշրջիկների թուաքանակի աճը աւելացնելու ուղղութեամբ, շարունակում ենք քարոզչութեան տարածումը, զբօսաշրջային վայրերի բարեկարգումը», ըսած է ան:

Անդրադառնալով ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան, մասնաւորաբար երբ Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»ին մէջ կը ներառուին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած օտարներ՝ փոխնախարարը դիտել տուած է, որ ատիկա էական ազդեցութիւն չ՛ունենար զբօսաշրջիկներուն Արցախ այցելելու փափաքին վրայ։

«Զբօսաշրջութիւնը շատ զգայուն ոլորտ է, եւ ամէն մի հանգամանք կարող է նշանակութիւն ունենալ, բայց ինչ վերաբերում է Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակներին», ապա ես չեմ կարծում, որ այդ ցուցակը ինչ-որ էական ազդեցութիւն կարող է ունենալ այդ զբօսաշրջիկների Արցախ այցելելու ցանկութեան վրայ», հաստատած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չի՞ կրնար ըլլալ, որ հակաքարոզչութիւնը հակառակ ազդեցութիւն ունենայ՝ Սերգէյ Շահվերդեան նշած է. «Մենք ընդհանրապէս ձգտում ենք Ազրպէյճանի ցանկացած քայլեր վերածել քարոզչութեան՝ ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան իմիջի բարձրացմանը: Դա մշտապէս կատարւում է նոյն միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսների ժամանակ, Ազրպէյճանի հակաքայլերը միշտ իւրօրինակ քարոզչութիւն են դառնում Ղարաբաղի համար եւ բոլոր միւս հանգամանքները», ըսած է ան:

Թղթակիցը հարցուցած է, որ Արցախի մէջ ի՞նչ բան կը գրաւէ զբօսաշրջիկները. փոխնախարարը յարմար նկատած է այս հարցումը ուղղել Արցախ այցելողներուն, բայց եւ այնպէս դիտել տուած է, որ անոնք կը գրաւուին Արցախի ժողովուրդով, անտառներով, յուշարձաններով, միրգերով: «Դա միասնական պրենտ է, որը չես կարող տարանջատել, թէ ում որն է աւելի շատ հետաքրքրում: Մէկին հետաքրքրում է համեղ միրգը, մէկին անտառը, միւսին յուշարձանը, միւսին արցախեան ուտեստները եւ այսպէս շարունակ», ըսած է ան:

Անդրադառնալով գիներուն եւ զանոնք բաղդատելով Հայաստանի հետ՝ փոխնախարարը նշած է, որ ինք չի կարծեր, թէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան գիները, բացի օդանաւային տոմսերէն, մեծապէս կը տարբերին նմանօրինակ այլ երկիրներու գիներէն։ Անոր համաձայն Ղարաբաղի մէջ եւս կան տարբեր գիներ, օրինակ կայ 10 տոլար արժողութեամբ պանդոկ, ինչպէս նաեւ շատ աւելի բարձր գիներով եւ որակով պանդոկ։ «Այսինքն ենթակառուցուածքները հնարաւորութիւն են տալիս, ցանկացած գնողունակութեան զբօսաշրջիկի այցելել Ղարաբաղ, այնպէս չէ, որ խնդիր կայ այդ առումով», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախ տանող ճամբան որքանո՞վ կը խոչընդոտէ այցելութիւնները, եւ արդեօք օդային ճամբու բացումը մեծ խթան պիտի չհանդիսանա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան զարգացման՝ Շահվերդեան նշած է. «Ի հարկէ օդանաւի հնարաւորութեան դէպքում էականօրէն կ՛ազդի զբօսաշրջութեան զարգացման համար, բայց մենք չպէտք է կեդրոնանանք այդ հարցի վրայ: Մենք այլ ձեւով ենք լուծումը գտել. գիտէք, որ կառուցւում է Մարտակերտ-Սոթք աւտոճանապարհը, որն էականօրէն կրճատում է ճանապարհը եւ աւելի յարմար է դարձնում Արցախ այցելուների համար երթեւեկութիւնը եւ, ինչը որ աւելի կարեւոր է, զբօսաշրջիկները ստիպուած չեն լինի այլեւս նոյն ճանապարհը երկու անգամ անցնել, դա եւ ժամանակի, եւ ֆինանսների խնայողութիւն կը լինի»:

Փոխնախարարը նաեւ նշած է, որ ամրան աւարտով չ՛աւարտիր Արցախի զբօսաշրջութեան եղանակը: «Զբօսաշրջանը Ղարաբաղում սկսւում է Ապրիլին եւ նուազում Հոկտեմբերին: Այնպէս որ, ամառային շրջանը շատ կապ չունի զբօսաշրջային այցելութիւնների հետ», հաստատած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին