Սան Մարինոյի մէջ պիտի կայանայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Անրի Վեռնոյի (Աշոտ Մալաքեան), «Մայրիկ» վէպի իտալերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:
Ինչպէս ծանօթ է գիրքի հիման վրայ նախապէս նկարահանուած է նաեւ համանուն շարժանկարը: Սան Մարինոյի ռատիոհեռուստատեսութեան փոխանցմամբ՝ շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30-ին, Սան Մարինոյի Մշակոյթի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ: Գիրքի իտալերէն թարգմանութիւնը 2015 թուականին ներկայացուած է նաեւ՝ Թուրինի մէջ իրականացած Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկի մասին հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «1915 թուականին Առաջին աշխարհամարտէն սասանած աշխարհը ցնցուեցաւ մէկ այլ սարսափելի ողբերգութենէ, որ շուրջ 2 միլիոն հայու կեանք խլեց: Ողբերգութիւնը քանի մը տարի տեւեց եւ անոր ծաւալները ի վերջոյ ահասարսուռ չափերու հասան: Այդ իրադարձութիւններուն շուրջ դեռ վիճաբանութիւններ կ՝ընթանան: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին՝ Հռոմի Պապին խօսքերը Հայկական հարցը կրկին միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցին: Ի հարկէ այդպէս պիտի ըլլար՝ չէ՞ որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, ամբողջ գիւղեր ջնջուեցան երկրի երեսէն, իսկ հրաշքով փրկուած հազարաւոր մարդիկ սկսան ապաստան փնտռել ամբողջ աշխարհի վրայ:
Մշակոյթի քարտուղարութիւնը կը շարունակէ մեծ ջանքեր գործադրել` պատմական փաստեր տարածելով Սան Մարինոյի` իբրեւ հիւրընկալութեան եւ ազատութեան հողի մասին: Անիկա ընդունած է Հռոմէն փախած Կարիպալտին, իսկ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն փախստականներու, որոնց «Հարիւր հազար եղբայրներ» կը կոչէին: Նոյն ուժով հարկաւոր է աշխատիլ երիտասարդներու մէջ՝ պատմութիւնը ուսումնասիրելու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը յիշատակելու ձգտում յառաջացնելով:
«Մայրիկ» շարժանկարի բնագիրը, որ գրած է բեմադրիչ Անրի Վեռնոյ, նուրբ բանաստեղծութիւն է: Մարդոց կեանքին մէջ վեր կը յառնին ժողովուրդի ողբերգութեան պատմութիւնը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը աւանդոյթները ոչնչացնելու մասին յիշողութիւնները: Ներկայացուած ընտանիքի մը կրած սարսափներն ու յոյսերը, որ կրցած է ստորացումներով լի նոր կեանքի մէջէն անցնիլ ժպիտով ու արժանապատուութեամբ` լի սիրոյ ուժով»: