Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Պոլիս; Հայ Իրաւաբանական Միութեան Կոչը «Արմէն Ճամբար»ին Վրայ Յարձակումի Պատասխանատուները Պատժելու

Հայ իրաւաբանական միութիւնը Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Արմէն ճամբար»ին շուրջ պահակութիւն կատարող՝ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական շարժումի անդամ հայ երիտասարդներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակումին մասին յայտարարութիւն մը տարածած է։

Արդարեւ դատապարտելով Օգոստոս 13-ին տեղի ունեցած յարձակումը՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ երաշխաւորեն «Արմէն ճամբար»ը հերթապահող երիտասարդներուն ապահովութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, թէ անմիջական, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն պէտք է կատարուի յարձակումին կապակցութեամբ, որպէսզի պատասխանատուները բացայայտուին եւ արդար պատիժ ստանան։

Միութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Արմէն ճամբար»ը հայութենէն խլելու արարքը կը խախտէ Լօզանի դաշնագիրի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի շարք մը պայմանները՝ աւելցնելով, թէ իրաւականօրէն ճամբարը կը պատկանի Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը նաեւ կոչ կ՛ընէ Սփիւռքի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ այս գծով բողոքի ձայն բարձրացնեն ու պահանջեն ոչ միայն յարձակումի պատասխանատուներուն դատապարտումը, այլեւ ճամբարին վերադարձը հայութեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին