ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը 1920 Նոյերմբեր 29ին յաջորդող տարիներուն, կեղծ եղբայրութեան քօղի տակ սթալինեան հրամանով նուիրուեցան Ազրպէյճանին: Հազիւ թէ հայոց նահատակներու արիւնով թրքական դրօշը բարձացաւ Արեւմտահայաստանի վրայ՝ Սթալին-Բերիա վատահամբաւ զոյգին հրամանով այդ երկու հայապատկան հողերը՝ Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը նուէր տրուեցան Ազրպէյճանին: Այս աղաղակող անիրաւութեան դէմ բողոքող հայերը Սիպերիոյ մէջ քաւեցին իրենց «մեղք»ը:
Ղարաբաղի հայութիւնը համայն հայութեան օժանդակութեամբ, երկարատեւ պայքարէ յետոյ ազատագրեց իր դարաւոր Հայրենիքի այդ բաժինը, բայց Նախիջեւանը եւ Արեւմտահայաստանը տակաւին կը տառապին բռնագրաւողներու լուծին տակ: Այժմ Հայաստանի եւ ամբողջ Սփիւռքի հայութեան սրբազան պարտականութիւնն է՝ Արեւմտահայաստանի հետ ազատագրել նաեւ Նախիջեւանը։ Հայ ժողովուրդը մերժելով ազերիներուն տրուած սթալինեան այդ անիրաւ նուիրատուութիւնը՝ պարտք կը զգայ ազատագրել նաեւ այդ հողամասը: Այսօր սթալիններ եւ բերիաներ չկան շարունակելու այդ անիրաւութիւնը: Այդ նպատակին իրականացման համար անհրաժեշտ է ԱՍԱԼԱի վերակազմակերպումը՝ բոլոր հակառակորդները տարհամոզելու համար: Հայութեան բոլոր հակառակորդները պէտք է գիտակցին, որ Հայաստանի կողքին գոյութիւն ունի աշխարհատարած սփիւռքահայութիւնը, որուն ծոցէն ծնած ու ծնելիք ԱՍԱԼԱներուն հարուածին տակ կը ջախջախուին բոլոր հակառակորդները:
Կը մաղթենք, որ այս իրականութեան գիտակցիլը առաջքը կ’առնէ հայու նոր արիւնահեղութեան:
Շինարար հայ ժողովուրդը կը վերականգնէ իր պղծուած եւ քանդուած վանքերն ու սրբավայրերը, վերակենդանացնելով Հայրենիքի այդ հողերուն հայութեան պատկանելիութիւնը:
Նախիջեւանը հայութեան հող եղած է հազարաւոր տարիներ եւ այդպէս ալ պէտք է մնայ, սթալիններու եւ բերիաներու հակահայ որոշումը ի զօրու չէ իբրեւ մնայուն վճիռ՝ պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ անարդարութիւնը նուիրականացնելու: