Օգոստոս 19-ի կէսօրէ առաջ, Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինը շարունակեց կատարել իր առաքելութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Perio News-ը:
Մարմնի կամաւոր աշխատողներու միջոցաւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ կարիքաւոր հայորդիներու, որոնք նախապէս արձանագրուած էին եւ անոնց համար համապատասխան թղթածրարներ պատրաստուած էր:
Նշենք, թէ տարիներէ ի վեր Սուրիոյ վիճակուած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական պայմաններու բերումով, վատթարացած են եւ սաստկացած ժողովրդային կարիքներն ու պահանջները։