Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացած է՝ բեմադրիչ Վահէ Գէորգեանցի «Արմենիա». Ծովից Ծով» վաւերագրական շարժանկարի արցախեան առաջնադիտումը, որ նկարահանուած է «Արմենիա» առագաստանաւի եւ անոր անձնակազմի շուրջերկրեայ նաւարկութեան ընթացքին: Այս մասին կը յայտնէ Artsakhpress.am-ը:
Շարժանկարի ցուցադրութեան ներկայ եղած են ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պաշտօնատար այլ անձիք, արուեստասէրներ, հիւրեր: