Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

«Լաւաշի Փառատօն» Խոր Վիրապի Մէջ

Խոր Վիրապի մէջ Օգոստոս 23-ին պիտի կայանայ «Լաւաշի փառատօն», որուն ընթացքին հացթուխները պիտի ցուցադրեն լաւաշի պատրաստման ընթացքը, պիտի սորվեցնեն թխման ճիշդ ձեւը, պիտի կազմակերպուի լաւաշի եւ աւանդական հաց ու պանիրի, ինչպէս նաեւ ժենգեալով հացի  հիւրասիրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am–ը։

Փառատօնը կազմակերպող ընկերութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ այսպիսի փառատօն մը Հայաստանի մէջ պիտի կայանայ երկրորդ անգամ ըլլալով․ առաջինը Գիւմրիի մէջ եղած էր, բայց ոչ նման ձեւաչափով:

Ըստ կազմակերպութեան ներկայացուցիչին մասնակցութեան յայտ  ներկայացուցած են շարք մը զբօսաշրջային ընկերութիւններ` իրենց օտարերկրեայ, օտարերկրացի կամ հայ զբօսաշրջիկ յաճախորդներուն ներկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին