Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած Encuentros 2015 միջազգային փառատօնի ժամանակ, յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Վկայակոչելով Արժանթինի հայ համայնքին փոխանցած տեղեկութիւնները՝ Armenpress.am կը հաղորդէ, որ փառատօնի ծիրէն ներս Օգոստոս 31-ին պիտի կայանայ՝ «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը, նուիրուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:
Ստեղծագործութեան հեղինակներն են արժանթինցի երգահաններ Խուան Մարիա Սոլարին եւ Ռաֆֆի Աւագեանը: Ամիսներ առաջ «Արժանթինի ժամանակակից երաժշտութեան» միջազգային հիմնադրամը անոնց առաջարկած էր՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին երաժշտական ստեղծագործութիւն յօրինել, որ պէտք է արտայայտէր հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւն ու տառապանքը: Երգահանները ընտրած են Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններն ու անոնցմէ քանի մը հատի հիման վրայ ստեղծած՝ «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութիւնը: