ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Վերջին շաբաթներու ընթացքին, ամբողջ աշխարհի մէջ, հրապարակուած են հազարաւոր յօդուածներ, որոնք կը մերկացնեն Թուրքիոյ ռազմավարական խաբէութիւնը` օգտագործելով «իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի պատրուակը ձեռնարկելու համար ցեղասպանական ռմբակոծութեան արշաւ ընդդէմ քիւրտերու, որոնք խիզախօրէն կը դիմակայեն ԻՊ-ն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:
«Ոււոլ սթրիթ ճըրնալ» (Wall Street Journal) թերթը Օգոստոս 12-ին տեղեկացուց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական մը մեղադրած է Թուրքիան ամերիկեան կառավարութիւնը խաբելու մէջ` արտօնելով Ինճիրլիքի օդային կայանի օգտագործումը ԻՊ-ի վրայ յարձակելու համար իբրեւ ծածկ նախագահ Էրտողանի կողմէն պատերազմ հռչակելու քիւրտ զինեալներու (ՔԲԿ) դէմ Հիւսիսային Իրաքի մէջ: Մինչեւ օրս Թուրքիան իրականացուցած է 300 օդային յարձակում ՔԲԿ-ի, եւ միայն երեքը` ԻՊ-ի դէմ… Էրտողանի նպատակն է քիւրտերը պատժելու միջոցով շահիլ թուրք ընտրողներու համակրանքը յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ անոր կուսակցութեան բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալ եւ մենատէր նախագահական կրօնապետութիւն հաստատել:
Անգարան, ամերիկեան հանրութեան խաբելու եւ մոլորութեան մէջ դնելու համար, քիւրտերու դէմ իր պատերազմը սկսելէն քանի մը օր յետոյ վարձեց «սքվայր փաթոն պոկս» ընկերութիւնը (Squire Patton Boggs) ամսական 32 հազար տոլարով, իբրեւ «Կեբարդ կրուփ» (Gephardt Group) հզօր լոբբիստական ընկերութեան ենթակապալառու: «Սքվայր փաթոն պոկս»-ի կազմին մէջ են նախկին ծերակուտականներ Թրենտ Լոթը, Ճոն Պրոն եւ Սպիտակ տան նախկին պաշտօնեայ Ռոպերթ Գաբլան: «Կեբարդ»-ի թրքական լոբբիստական խումբը կազմուած է հետեւեալ ենթակապալառուներէն. Կրինպըրկ Թրորիկ, Պրայեըն Ֆոռնի, Լիտիա Պոռլանտ եւ «Տիգշդայն Շաբիրօ» ընկերութիւն, վերջինը իր լոբբիստական աշխատակազմին մէջ վերջերս ընդունած է Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) նախկին տնօրէն Բորդըր Կոսը: Թուրքիոյ կողմէ վարձակալուած այլ լոբբիստական ընկերութիւններն են` «Կոլտըն սոլիւշընս»-ը (Goldin Solutions), «Ալփայթագ»-ը (Alpaytac), «Ֆին փարթնըրս»-ը (Finn Partners), «Ֆերահ Օզպեք»-ը (Ferah Ozbek) եւ «Կոլին/Հարիս ինթըրնէշընըլ»-ը (Golin/Harris International): Ըստ ԱՄՆ արդարադատութեան բաժանմունքի տեղեկութիւններուն` Թուրքիան տարեկան շուրջ 5 միլիոն տոլար կը վճարէ այս լոբբիստական/PR ընկերութիւններուն: Բացի այդ, շահոյթ չհետապնդող քանի մը ամերիկեան կազմակերպութիւններ իբրեւ ճակատ կը ծառայեն թրքական կառավարութեան համար` նպաստելու անոր շահերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քոնկրէսի անդամներն ու լրագրողները հրաւիրելով Թուրքիա ամբողջովին վճարուած զբօսախնճոյքներու համար:
Թուրքիոյ համար աշխատող ամերիկեան լոբբիստներէն, հաւանաբար ամենավիճահարոյցը Բորդըր Կոսն է` 2004-2006 թուականներուն ԿՀՎ տնօրէնը, որ համաձայնած է ծախել իր հոգին, հաւանաբար եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային գաղտնիքները, բուռ մը թրքական լիրայի համար:
Յատկանշական է, որ համաձայն «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին, Արդարադատութեան բաժանմունքին Կոսի ներկայացուցած զեկոյցին մէջ ան խուսափած է պատասխանել թրքական կառավարութեան կողմէ իր վարձատրութեան վերաբերեալ հարցին: Ան պարզապէս գրած է. «Աշխատավարձը հիմնուած չէ միայն օտարերկրեայ յաճախորդին (Թուրքիա) մատուցուող ծառայութիւններուն վրայ»…
2015 թ. Ապրիլ 23-ին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Կոս հետեւեալ կերպ կը նկարագրէ իր ծառայութիւնները Թուրքիոյ.
1) Ապահովել խորհրդատւութիւն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման առնչութեամբ շարք մը առանցքային ոլորտներու մէջ, որոնք քննարկման առարկայ են Քոնկրէսին համար, ներառեալ առեւտուր, ուժանիւթային անվտանգութիւն, հակաահաբեկչական ջանքեր եւ ջանքեր տարածաշրջանային կայունութիւն ապահովելու համար Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ:
2) Իրազեկել Քոնկրէսի անդամներն ու ԱՄՆ վարչակազմը Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու մասին:
3) Տեղեկացնել Թուրքիան Քոնկրէսի կամ գործադիր իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշման մասին, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ համար կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերուն:
4) Պատրաստել իրադարձութիւններու վերլուծութիւն` Քոնկրէսի եւ գործադիր իշխանութեան մօտ Թուրքիան յուզող հարցերուն մասին:
Յատկանշական է, որ Կոսի գործատէրը` «Տիգշդայն Շաբիրո»-ն, խաբած է Արդարադատութեան նախարարութիւնը` անոր ծառայութեան մեկնարկէն երկու օր, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն երեք օր առաջ զեկուցելով, որ ԿՀՎ նախկին տնօրէնը իր լոբբիստական ընկերութեան անունով արդէն հանդիպած է Քոնկրէսի ինը անդամներու հետ` քննարկելու «ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները»:
Ամենայն հաւանականութեամբ, իբրեւ լոբբիստ Փորդըր Կոսի վարձումը Թուրքիոյ համար, պարգեւատրում էր թրքական հարցերու մէջ անոր հաւատարիմ աջակցութեան` 1989-2004 թուականներուն Ֆլորիտայէն հանրապետական քոնկրէսական եղած ժամանակ: 2000 թ. Հոկտեմբերին Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովում Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի քննարկման ժամանակ քոնկրէսական Կոսը, այն ժամանակ Ներկայացուցիչներու պալատի հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ, դէմ արտայայտուեցաւ բանաձեւի ընդունման, իբրեւ արդարացում օգտագործելով այն, որ ատիկա կրնայ վնասել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Այնուամենայնիւ, ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը ընդունուեցաւ 24 կողմ, 11 դէմ ձայներով:
Շատ ամօթալի է, որ Քոնկրէսի նախկին անդամները իրենք զիրենք կը վաճառեն ոեւէ մէկուն, որ պատրաստ է իրենց դրամ տալ: Սակայն, ԿՀՎ-ի տնօրէնը՞… Ասիկա ոչ միայն անբարոյականութիւն է, այլեւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան: Ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք չէ թոյլ տայ իր բարձրագոյն լրտեսի վաճառքը ամենաբարձր գին առաջարկողին… Ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ յանկարծ Հիւսիսային Քորէան աւելի բարձր գին առաջարկէ անոր: Մի՞թէ Կոսը պիտի նետուի լոբբինկ ընելու թշնամի պետութեան օգտին` պարզապէս քանի մը տոլար աւելի վաստակելու համար: