Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Գոյժ եւ Ցաւակցագիր

«ԿԱՄԱՐ» գրականութեան եւ գեղարուեստի անկախ պարբերաթերթի խմբագրութիւնս սոյն գրով կը գուժէ դառն կորուստը իր աշխատակիցներէն՝  բանաստեղծ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԹԵԱՆի, որ իր մահկանացուն կնքեց Լոս Անճելըսի մէջ (թաղումը՝ 7 Օգոստոս 2015):

Հանգուցեալը (ծնունդը՝ 1930, Պէյրութ) կը պատկանէր լիբանանահայ գրական  միջին սերունդին ու հեղինակ էր բանաստեղծական հատորներու եւ գրադատական յօդուածներու՝ իր աշխատակցութիւնը բերելով լիբանանահայ գրական մամուլին: Վերջին տասնամեակին տեղափոխուած էր Լոս Անճելըս (Գալիֆորնիա), ուրկէ  կը բերէր իր յարգելի մասնակցութիւնը մեր գրական մամուլին:

Այս տխուր առիթով՝ «Կամար»ի խմբագրական կազմը կը յայտնէ իր խորազգած ցաւակցութիւնը բարեյիշատակ  հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ գրչի բարեկամներուն:

Յաւերժ լոյս եւ խաղաղութիւն իր հոգիին:

Խմբագրութիւն «ԿԱՄԱՐ» պարբերաթերթի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին