Թիֆլիսի Մեթրոմշէնի (Մեթրոշին) խտաբնակ աւանին մէջ կը կառուցուի հայ վրացական թիւ 103 դպրոցը, որ նախատեսուած է հազար աշակերտի համար:
Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, հաղորդած է Վրաստանի կրթութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «103-րդ հանրային դպրոցը մեծ նախագիծերէն մէկն է, աւելին, վերջին 20-30 տարուան նման մեծ դպրոց չէ կառուցուած», յայտարարած է Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Թամարա Սանիկիձեն, որ տեղուոյն վրայ ծանօթացած է շինարարական աշխատանքներու ընթացքին:
«Նախագիծը կարեւոր է, նկատի ունենալով այն, որ ատիկա խառն դպրոց է, վրացական դպրոց, ուր կայ բաւականին մեծ հայկական հատուած… Մենք առաւելագոյնս կը ջանանք օգնել ցեղային փոքրամասնութիւններուն, որպէսզի անոնք լիարժէք ու լաւ ընդելուզուին ուսումնական գործընթացին», նշած է Սանիկիձեն: Նոր դպրոցը պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափորոշիչներուն: Նախագիծի արժէքը շուրջ 5,5 մլն լարի է: Նոր դպրոցի կառուցման աշխատանքները սկսած են այս տարի եւ կ’աւարտեն յաջորդ տարի: