ՀՀ կառավարութիւնը Օգոստոս 18-ի նիստին ընդունեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ելեւմտային վարկ տրամադրելու մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
2015 թուականի երրորդ եռամսեակին կայունացման պահեստային հաշուի միջոցներէն՝ 9 միլիառ 600 միլիոն դրամի չափով ելեւմտային վարկ տրամադրել հայկական երկրորդ հանրապետութեան:
ՀՀ ելեւմտական (ֆինանսներու) փոխնախարար Արմէն Ալաւերտեան կառավարութեան նիստին նշեց, որ վարկը պիտի տրամադրուի տարեկան 8.5 տոկոս տոկոսադրոյքով` մինչեւ 2020 թուականի Սեպտեմբեր 10-ը մարելու ժամկէտով: