Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան՝ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան բաժնետիրոջ ներկայացուցիչ Ռալֆ Եիրիկեանի հետ, 13 Օգոստոսին այցելած է Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն՝ ծանօթանալու հոն տեղի ունեցող շինարարական աշխատանքներուն:
Շրջելով կեդրոնի սենեակներուն մէջ՝ վարչապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է կատարուած աշխատանքին վերաբերեալ եւ համապատասխան պաշտօնատարներու տուած է նոր յանձնարարականներ, որպէսզի ուսումնական կեդրոնը կարելի ըլլայ օգտագործել Սեպտեմբերին:
Շէնքին աւարտին մօտեցող վերակառուցման համար «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ը յատկացուցած է շուրջ 150 միլիոն դրամ, իսկ սարքաւորումները ձեռք բերուած են Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներդրումով: Ըստ պատասխանատուներու զեկուցումներուն՝ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն կրնան յաճախել Արցախի 500է աւելի 7-17 տարեկան երախաները՝ տարբեր շրջաններէ: